2012-07-26 13:47:30

<<Հարթեցէք ճանապարհը>> Խորագրով Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուայ Նախապատրաստական Հաւաք Պրազիլի Մէջ


<<Հարթեցէք ճանապարհը>> այս է խորագիրը երիտասարդներու համաշխարհային 2013-ի օրուայ նախապատրաստողական հաւաքին որ յառաջիկայ 27 - 29 յուլիս 2012 կազմակերպուած է Րիո Տէ Ժանէյրօյի Մարաքանիա մարզադաշտին մէջ եւ ուր կը սպասուին աւելի քան 50 հազար մասնակիցներ միասնաբար աղօթքի եւ երաժշտութեան օրեր անցնելու։

Երիտասարդութեան Համաշխարհային 2013-ի Օրուայ կազմակերպիչ յանձնախումբը, անցեալ 24 յուլիսին ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին հանրութեան ներկայացուցած է հաւաքի ծրագիրը որպէս <<աւետարանութեան մեծ հաւաք>> որ նաեւ նախապատրաստութիւն մըն է 2013-ի երիտասարդութեան Համաշխարհային օրուայ որ տեղի պիտի ունենայ Րիո Տէ Ժանէյրօյի մէջ 2013-ի յուլիսին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի մասնակցութեամբ։

<<Հարթեցէք ճանապարհը>> խորագրով հաւաքը սկիզբ կ՛առնէ 27 յուլիսին Քահանայապետի առաքելական դեսպան գերապայծառ Ճովաննի Անիէլլոյի մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեամբ։ Մինչ յաջորդ օրերու սուրբ զոհի արարողութիւնները կը նախագահեն պրազիլի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ` կարտինալ Րայմունտօ Տամաշէնօն եւ Րիո Տէ Ժանէյրոյի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Օրանի Ժաօ Թէմբէսդա որ է նաեւ Երիտասարդութեան Համաշխարհային 2013-ի Օրուայ կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահը։







All the contents on this site are copyrighted ©.